Օդային յարձակում մը գործուած է Պաղտատի մերձ գտնուող «Ալ Պալատ» (օդակայանը կը գտնուի Պաղտատի հիւսիսային հատուածին մէջ եւ 64 քլմ. հեռաւորութեան վրայ) ռազմական օդակայանին վրայ։
Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց «Էլ Նաշրա» լրատուական կայքը, նշելով, որ օդակայանին մէջ տեղակայուած են ամերիկեան ուժերուն պատկանող ռազմական կործանիչներ։
Հրթիռները արձակած կողմը ցարդ անյայտ է եւ մանրամասն տեղեկութիւններ չկան դէպքին հետեւանքով գրանցուած տոյժերուն մասին։