image

Գագիկ Ծառուկեանը հարցաքննուեցաւ

Գագիկ Ծառուկեանը հարցաքննուեցաւ

Երէկ առանց ԿԸՅ-ի համաձայնութեան մեղադրեալի կարգավիճակ ստացած Գագիկ Ծառուկեանը հարցաքննուած է Քննչական կոմիտէի կողմէ, հերքած իրեն առնչուող նոր մեղադրանքը, այն որակած՝ անհիմն:

«Ազատութեան» հետ զրոյցին անոր փաստաբանը հաղորդած է, որ նոր քրէական գործը յարուցուած է 7 տարի առաջ՝ 2019-ին, եւ իր ձեռնարկութիւնը հաւատարմագրային կառավարման յանձնած Ծառուկեանն այդ մասին երէկ տեղեկացած է:

Երէկ դատախազութիւնը հաղորդեց, որ պատգամաւորութեան թեկնածու Ծառուկեանին մեղադրանք առաջադրած են առանձնապէս խոշոր չափերով հարկերէ խուսափելու համար:

Ծառուկեանը երէկ Քննչականէն ներս ցուցմունք տալու ժամանակ յայտնած է իր դիրքորոշումը՝ չընդունիր մեղադրանքը, այն կը համարէ անհիմն: