image

Փեքինէն զսպուածութեան կոչ

Փեքինէն զսպուածութեան կոչ

Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Լին Ցզիանը, Յունիս 10-ին կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, յայտարարած է, որ Փեքինը «խորապէս մտահոգուած է» Մերձաւոր Արեւելքի պատերազմի զարգացումներով եւ կոչ ըրած է չշարունակելու ռազմական գործողութիւնները։ Այս մասին կը հաղորդէ France 24-ը։

«Համապատասխան կողմերը պէտք է պահպանեն հանգստութիւն եւ ցուցաբերեն զսպուածութիւն, դադրեցնեն հակամարտութեան ու իրավիճակի սրացումը եւ ձեռնարկեն յստակ քայլեր՝ լարուածութիւնը մեղմացնելու եւ հանդարտեցնելու համար», ըսած է խօսնակը։

 

Այս մեկնաբանութիւնները հնչած են Հորմուզի նեղուցին մէջ Apache ուղղաթիռի խոցումէն ետք, երբ Միացեալ Նահանգները օդային հարուածներ հասցուցած է Իրանին։ Ուաշինկթընը ուղղաթիռի կործանման համար մեղադրած է Իսլամական Հանրապետութիւնը։ Ամերիկեան հարուածներուն ի պատասխան՝ Իրանը հարուածներ հասցուցած է Յորդանանի, Պահրէյնի եւ Քուէյթի մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմական կառոյցներուն։