image

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Այցը Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր 


Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Այցը Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր  


5 Յունիս 2026-ին Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը ընդունեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան թաղային կեանքին առնչուած գործունէութիւններն ու ապագայ ծրագիրները, իսկ պատուիրակութիւնը Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրեց մասնակցելու եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան։ Պատրիարք Հայրը իր գնահատանքը յայտնեց կատարուած աշխատանքներուն համար եւ փոխանցեց հայրական օրհնութիւնը՝ ուխտավայր-աղօթատան պայծառութեան ու համայնքային ծառայութեան շարունակութեան համար։

Ստորեւ այցելութեան մասին Պատրիարքարանի էջով տրուած լրատւութիւնը՝ 

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 5 Յունիս 2026, Ուրբաթ, ընդունեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ ատենապետ Մասիս Քույումճույի։

Հիւրերը տեղեկութիւններ տուին թաղին հետ առնչուած գործունէութեանց ու ծրագիրներուն մասին եւ Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրեցին եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան, որ կը պիտի կատարուի 6 Յունիս, Շաբաթ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Ելն ի վիրապէ տօնին։

Մեր Հոգեւոր Պետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց տեղեկութեանց համար եւ տուաւ հայրական օրհնութիւնը ուխտավայր-աղօթատան պայծառութեան համար եղած աշխատանքներուն։

Այցելուները շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան ցուցաբերած հայրական հոգածութեան համար։