Հայ գրականութեան եւ ասմունքի տարածման գործին մէջ տասնամեակներու անուրանալի վաստակ ունեցած Սիլվա Կոմիկեան արժանացաւ բացառիկ մեծարանքի երեկոյթի մը։
Աթլաս շարժանկարի սրահին մէջ կազմակերպուած հանդիսութիւնը համախմբեց հոգեւորականներ, արուեստագէտներ, աշակերտներ եւ բազմաթիւ մշակութասէրներ։
Երեկոն վերածուեցաւ հայ լեզուին, գրականութեան եւ ասմունքի նուիրուած երախտագիտութեան գեղեցիկ տօնախմբութեան։
Ստորեւ մեծարանքի երեկոյթին մասին Պոլսոյ Պատրիարքարանին էջով տրուած լրատւութիւնը՝
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ, Պատրիարքական Աթոռոյս եւ Զբօսաշրջութեան ու Մշակոյթի Նախարարութեան համատեղ կազմակերպութեամբ, 4 Յունիս 2026, Հինգշաբթի իրիկուն, Աթլաս շարժանկարի սրահին մէջ իրականացաւ ասմունքող Սիլվա Կոմիկեանին ձօնուած մեծարանքի երեկոյթ մը։
Երեկոյթին կազմակերպիչներն էին Արի Էտիրնէի, Արթիւր Պաղտասարեանի եւ Կարօ Վռամ Պապայեանի գլխաւորութեամբ Սիլվա Կոմիկեանի համակիրներ:
Ներկայ էր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, իր շուրջ ունենալով Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Տամատեան, Արժ. Տ. Սարգիս Գույումճեան, Արժ. Տ. Կորիւն Ֆէնէրճեան աւագ քահանաները, Արժ. Տ. Թէոդիկ Չէթինքայա, Արժ. Տ. Նաթան Արապեան եւ Արժ. Տ. Նարեկ Տէյիրմէնճեան քահանաները, օրուայ մեծարեալը, շրջապատուած՝ իր հարազատներով։
Բացման խօսք արտասանեց երեկոյթի հանդիսավար Թամար Մանկասարեան։
Շնորհակալութեան յուշատախտակներ յանձնուեցան այն անհատներուն եւ հաստատութիւններուն, որոնք երեկոյթի իրականացման ներդրում ունեցած էին: Այսպէս՝ յուշատախտակներ ստացան Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան Շարժանկարի ընդհանուր տնօրէնութեան Ստանպուլի Շարժանկարի Թանգարանի տնօրէն Պիրտալ Տանեըլտըզ, Ստանպուլի Ֆիլարմոնիի Միութեան վարչութեան անդամ Տքթ. Ատնան Կիւրճան, որ տրամադրած էր դաշնակը, Արժ. Տ. Նարեկ Քհնյ. Տէյիրմէնճեան, յանուն Պէյօղլուի Սաքըզաղաճըի Ս. Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հիմնարկի՝ Ժիրայր Ճէլալ, որ փորձերու համար սրահ տրամադրած էին, Թրքահայ Ուսուցչաց Հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Գիւլէկէչ եւ պատասխանատու Լինտա Կիւլպաղ:
Հարուստ յայտագիրը սկսաւ տեսաերիզով մը, ուր Հելտա Այնաեիւզ կը զրուցէր օրուան մեծարեալին հետ՝ անոր կենսագրութեան մասին:
Ապա Թարգմանչաց վարժարանի սաներէն փոքրիկն Անտրէ Աւետիքեան արտասանեց ժողովրդական Մանկական խաղիկը: Իսկ Մխիթարեան վարժարանի սաներէն Մարիա Գարաճաօղլու արտասանեց Խորէն Մանավեանէ «Ստուերախաղ»ը:
Արի Ալիճիեան եւ նուագախումբը կատարեցին նոյնինքն Ալիճիեանի յօրինած «Երեւանի պարող ջուրերը» երգը: Արի Պարութօղլու երգեց Արամայիս Սահակեանի խօսքով եւ Առնօ Բաբաջանեանի երաժշտութեամբ «Չքնաղ երազ»ը, Մարալ Այվազ-Չաղլըչուպուքճուն՝ Յովհաննէս Ղուկասեանի խօսքով եւ Արտեմի Այվազեանի երաժշտութեամբ «Գիւլնարա»ն:
Ս. Խաչ Դպրեվանք վարժարանի սաներէն Արեգ Չաթաք արտասանեց Պետրոս Դուրեանի «Հայուհին» բանաստեղծութիւնը:
Արի Էտիրնէ երգեց Վահան Տէրեանի խօսքով եւ Նիկոլ Գալանտերեանի երաժշտութեամբ «Կրկին իմ հոգում»ը, Գարին Պոզքուրթը՝ Աշոտ Գրաշիի խօսքով եւ Արտեմի Այվազեանի երաժշտութեամբ «Երեւան»ը, Ալին Եաղճըօղլուն՝ Կէօթէի խօսքով, Յովհաննէս Թումանեանի թարգմանութեամբ եւ Ռոմանոս Մելիքեանի երաժշտութեամբ «Վարդը»ն։
Կեդրոնական վարժարանի սաներէն Այլին Մանուկեան եւ Կարէն Էզիքօղլու միասնաբար արտասանեցին Զահրատի «Մեսրոպաբոյր»ը:
Նուարդ Աւետիքեան երգեց Լուտվիկ Դուրեանի խօսքով եւ Գէորգ Մանասեան մշակումով «Էրզրումի շորոր»ը, Արսէն Զաքարեան՝ Խաչատուր Աւետիսեանի մշակումով «Եար քո բարակ պոյին մեռնեմ» ժողովրդական երգը:
Սահակեան-Նունեան վարժարանի սաներէն Անայիս Տէմիրճի, Գարէն Ապաճը, Նիրվա Շարքլը, Նայաթ Քէշիշ արտասանեցին Վահան Թէքէեանի «Տաղ՝ Հայերէն Լեզուին» բանաստեղծութիւնը:
Թաթիանա Պոսթան երգեց Գէորգ Եղիազարեանի խօսքով եւ Արամ Աւագեանի երաժշտութեամբ «Տուն իմ հայրենի»ն, Սահակ Պարթեւ Կարեան՝ Յովհաննէս Շիրազի խօսքով եւ Մաժակ Թօշիկեանի երաժշտութեամբ «Արարատ»ը, Մարալ Աթաման՝ ժողովրդական «Հայրենիք» երգը՝ Արի Ալիճիեանի գործիքաւորումով:
Էսաեան վարժարանի սաներէն Սարին Քէօսէ արտասանեց Սիպիլի «Հայ Լեզուին» բանաստեղծութիւնը:
Արսէն Զաքարեան երգեց Սայաթ Նովայի «Քանի վուր ջան իմ»ը, Լեռնա Պալօղլու՝ Դեւի խօսքով եւ Նիկոլ Գալանտերեանի երաժշտութեամբ «Իմ ուղին»ը, եւ Արթիւր Պաղտասարեան՝ Դեւի խօսքով եւ Նիկոլ Գալանտերեանի երաժշտութեամբ «Դու նորից եկել ես»ը:
Երեկոյթի վերջին երգը եղաւ Թաթուլ Ալթունեանի «Խնջոյքի երգ»ը, Էտվին Կալիպեանի մշակումով եւ երգուեցաւ երեկոյթի մասնակցող բոլոր արուեստագէտներու կողմէ:
Երեկոյթի ողջ ընթացքին երգիչներուն կ’ընկերանային երաժիշտներ Պուրճու Էսին, Կիւլ Սվաճը, Մեթին Եավուզ, Աննա Գէորգեան Ուղուրլեան եւ Պարէտ Չաղլըչուպուքճու։
Հանդիսութեան աւարտին բեմ բարձրացաւ Սիլվա Կոմիկեան եւ ողջունեց արուեստագէտներն ու դիտողները։ Սրտի խօսքին մէջ Մեծարեալը յայտնեց թէ որքան ուրախ է եւ յուզուած սոյն երեկոյթին համար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութենէն սկսեալ բոլորին, որոնք եկած էին մեծարելու զինք:
«Ասմունքի իշխանուհի» Սիլվա Կոմիկեան ապա արտասանեց Երանաշնորհ Վազգէն Կաթողիկոսի Հայ ժողովուրդին ուղղած պատգամը, որ արժանացաւ ջերմ ծափողջոյններու:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հանդիսութեան աւարտին մեծարեալ Սիլվա Կոմիկեանին ի յիշատակ նոյն երեկոյթին, նուիրեց արծաթեայ յուշապնակ մը, ապա արտասանեց հուսկ բանքը: Նորին Ամենապատուութիւնը նախ ուրախութիւնը յայտնեց այս ոգեւոր ու յաջող երեկոյթին համար, ապա շեշտեց Սիլվա Կոմիկեանի եւ իր կատարած գործին կարեւորութիւնը: Մեր Հոգեւոր Պետը ըսաւ, որ Ան բանաստեղծութիւն չէ գրած, սակայն բանաստեղծներու եւ արձակագիրներու գրութեանց կենդանի մնալուն ու ծանօթացման համար աշխատած է: Անթիւ անհամար մարդիկ Սիլվա Կոմիկեանով սիրած են Հայ գրականութիւնը թէ՛ Ստանպուլի մէջ եւ թէ սփիւռքի մէջ: Ան տասնեակ տարիներու գործունէութեամբ իր մասնաւոր տեղը ունի, որուն մեծագոյն վկան է այս երեկոյթի մասնակից բազմութիւնը: Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց ամէն անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան այս երեկոյթի յաջողութեամբ պսակումին համար, սկսեալ Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյէն, նոյն նախարարութեան Շարժանկարի ընդհանուր տնօրէնութեան Ստանպուլի Շարժանկարի Թանգարանի տնօրէն Պիրտալ Տանեըլտըզին, Հանրապետութեան Նախագահութեան Մշակոյթի եւ Արուեստի Քաղաքականութիւններու Խորհուրդի անդամներէն Արամ Քուրանին, երեկոյթի գլխաւոր կազմակերպիչներ Արի Էտիրնէին, Արթիւր Պաղտասարեանին եւ Կարօ Վռամ Պապաեանին, բոլոր արուեստագէտներուն, աշակերտներուն եւ առ հասարակ բոլորին: Նորին Ամենապատուութիւնը անգամ մը եւս շնորհաւորեց համայնքիս շնորհալի զաւակ Սիլվա Կոմիկեանը եւ առողջ ու երջանիկ կեանք մաղթեց իրեն։
Շնորհակալութեան յուշատախտակներ յանձնուեցան նաեւ երեկոյթին իրենց արուեստով, արհեստով, արտասանութեամբ կամ զանազան ծառայութեամբ ներդրում ունեցող բոլոր անհատներուն:
Երեկոյթը իր աւարտին հասաւ «Խնջոյքի երգ»ի կրկնութեամբ, այս անգամ արուեստագէտներու եւ բոլոր հանդիսատեսներու մասնակցութեամբ։
