image

Տաւուշ. Ոսկեպարի մերձ գտնուող ցանկապատի կառուցումը տակաւին չէ աւարտած

Տաւուշ. Ոսկեպարի մերձ գտնուող ցանկապատի կառուցումը տակաւին չէ աւարտած

Հայաստանն ու Ատրպէյճանը ՀՀ Տաւուշի մարզի Ներքին Ոսկեպար գիւղի տարածքին մէջ դեռ չեն աւարտած սահմանային ցանկապատի շինարարութիւնը։ Այս մասին «Sputnik Արմենիա»ին հաստատած են ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն` պատասխանելով գրաւոր հարցման։

«Ներքին Ոսկեպարի՝ հարցման մէջ նշուած կոորդինատներով սահմանային հատուածուշ փշալարային արգելափակոցներ կառուցելու նպատակով իրականացւում են համապատասխան աշխատանքներ»,- յայտնած են ԱԱԾ-էն։

Քարտէզի վրայ կարմիր գիծով նշուած է Բաղանիս եւ Ոսկեպար գիւղերու մօտակայքը սահմանագծման հետեւանքով կառուցուած ցանկապատը, նարնջագոյնով`քանի մը հարիւր մեթրանոց այն հատուածը, ուր ցանկապատ դեռ չէ կառուցուած։

Աւելին՝ սկզբնաղբիւրէն։