Իրավիճակը կը շարունակէ լարուած մնալ Իսրայէլի մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց «Սքայնիւզ Արապիյա» կայանէն։
Աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդուժը ենթարկուելով կառավարութեան հրամանին օդային 130 հարուածներ հասցուցած է Կազային թիրախ դարձնելով «Համաս»ի ապահովական կէտեր։
Հարուածներուն հետեւանքով զոհուած է 24 անձ, որոնց մէջ ՝ 9 -ն երեխաներ են։
Իրավիճակը կը շարունակէ մնալ ծանր, հակառակ միջազգային հանրութեան կողմէ հանդարտեցման միտուած կոչերուն։