image

Քրեմլի մէջ Փութինի եւ Փաշինեանի հանդիպում չեն ակնկալեր, մինչեւ Հայաստանի մէջ ընտրութիւններու արդիւնքներու վերջնական ամփոփումը. Փեսքով

Քրեմլի մէջ Փութինի եւ Փաշինեանի հանդիպում չեն ակնկալեր, մինչեւ Հայաստանի մէջ ընտրութիւններու արդիւնքներու վերջնական ամփոփումը. Փեսքով

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպման վերաբերեալ որոշումը պիտի կայացուի երկկողմ մակարդակով՝ ընտրութիւններու արդիւնքներու վերջնական ամփոփումէն ետք։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը։

«Մինչեւ ընտրութիւններու աւարտը վարչապետը, հաւանաբար, զբաղած է երկրի մէջ ընթացող գործընթացներով։ Իսկ անկէ ետք՝ ընտրութիւններու վերջնական աւարտէն կախեալ, պիտի որոշենք երկկողմ մակարդակով»,– ըսած է Փեսքովը՝ պատասխանելով «ՌԻԱ Նովոսթի»ի հարցման՝ Փութինի եւ Փաշինեանի հանդիպման հնարաւոր ծրագիրի մասին։