Ատրպէյճանցիները Սեւ լիճի տարածքին առաջ եկած են եւ տեղակայուելու փորձ կատարած են։ Լուրը «Ռատիոլուրի» հետ զրոյցի ժամանակ հաստատած է Գորիսի փոխքաղաքախպետ Մենուա Յովսէփեանը։
Ան նշած է, որ որեւէ միջադէպ չէ եղած, վիրաւորներ չկան։ Աւելի վաղ որոշ լրատուամիջոցներ յայտնած էին, որ Իշխանասարի ուղղութեամբ յարձակումներ եղած են։
«Յարձակում չի եղել, ուղղակի գիշերը լաւ առաջ են եկել, բայց այս պահին 1–ին բանակային կորպոււսը բանակցութիւններ է վարում, որպէսզի ատրպէյճանական ուժերը ետ գնան դէպի քարտէզով նախատեսուած դիրքերը», –ըսած է փոխքաղաքապետը։
Սեւ լիճի տարածքին գտնուող արհեստական ջրամբարէն կ'իրականացուի համայնքի ոռոգման ջուրի ջրամատակարարումը։