Լիբանանեան «Ալ Նահար» թերթը անակնկալ լուր մը հրապարակած է, ուր յայտնած է, թէ ըստ տնտեսագիտական տեղեկութիւններով հետաքրքրուող «Infopro» կազմակերպութեան իրականացուցած հարցման, Լիբանանի բնակչութիւնն ընդհանուր առմամբ յոյսով ներշնչուած է, որ գալիք տարին տարբեր ասպարէզներու մէջ դրական նորութիւններ պիտի բերէ իր հետ:
Հարցման մասնակցողներու 60 առ հարիւրը համոզուած է, որ 2018 թուականը անվտանգութեան վերահաստատման տարի պիտի ըլայ, իսկ 61 առ հարիւրը համոզուած է, որ երկրի տնտեսական վիճակը նախորդ տարուան նման, կամ աւելի լաւ պիտի ըլլայ: Ըստ հարցման մասնակցողներու 70 առ հարիւրի կարծիքին, ընտրութիւններն իրենց որոշուած ժամկէտին պիտի չիրականացուին:
Նշենք նաեւ, որ հարցման մասնակցողներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը կարծէ, որ Սուրիոյ ճգնաժամը 2018 թուականին վերջ պիտի գտնէ, եւ կը բացառէ Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ պատերազմ յայտարարուելու հաւանականութիւնը: