Էրզրում- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)- 2011-ին Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքը գտնուող Վան նահանգին մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժի օրերէն ի վեր վրացական բեռնատար օդանաւ մը, օգնութիւն մատակարարաելու նպատակով հասած է Թուրքիա եւ նորոգման գործերու համար մնացած է այնտեղ մինչ օրս: Այս մասին կը տեղեկանանք «Տէյլի Սապահ»էն: Թերթը մանրամասնելով կը փոխանցէ նաեւ, որ վրացական «SKY» ընկերութեան պատկանող llyushin II-76TD տեսակի բեռնատար օդանաւը իր վայրէջքը կատարած էր 23 Հոկտեմբեր, 2011-ին, Էրզրումի օդակայանին մէջ, որ նշանակուած էր որպէս վայր՝ դէպի երկրաշարժի հետեւանքով տուժած Վան նահանգը ուղղարկուելիք միջազգային օգնութեան նիւթերու:Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Սապահը» օգնութեան նիւթերը ապահով հասած էին իրենց ուղղութեան, սակայն վրացական բեռնատար օդանաւը չէր կրցած վերադարձ թռիչք կատարել, անոր նավապետի խցիկի բաժինը ղրղստանեան օդանաւի մը թեւին զարնուած ըլլալուն պատճառով եւ մնացած էր Թուրքական օդակայանը՝ նորգութեան նպատակով եւ որու նորոգութիւնը ձգձգուած էր ապահովական ընկերութեան հետ կապուած որոշ հարցերու պատճառով մինչեւ օրս:
Թերթը օդանաւի վայրէջքի օրէն մինչեւ 2015-ի Դեկտ 12-ը, որ կը կազմէ 4 տարի եւ 42 օրեր օդակայանը մնացած վրացական օդանաւի տեղակայման ծախսավճարը (օդանաւի կշիռքի համեմատութեամբ) գնահատելով փոխանցած է, թէ այդ ծախսը կազմած պիտի ըլլար 702,743 արժողութեամբ գումար մը, սակայն ան կը նշէ, որ օդակայանը տեղակայանի գումար չէ գանձած, նկատի ունենալով, որ այդ օդանաւը օգնութիւն հասցնելու նպատակով գործուղղուած էր Էրզրում եւ անոր այդտեղ մնալու թուականը ցարդ յստակ չէ: