Ֆիլիփեան կղզիներու Փաթիքոլ շրջանին մէջ այս առաւօտ ռազմական օդանաւ մը ջախջախուած է։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ SkynewsArabia կայանէն։
Աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ բեռներ փոխադրող օդանաւուն վրայ կային 85 անձեր։
Աւելի ուշ պարզուեցաւ, որ 17 զինուորներ զոհուած են, եւ կարելի եղած է փրկել ու հիւանդանոց հասցընել 40 ուղեւորներու կեանքը։