image

Խաչվերացի տօնը Դամասկոսի մէջ

Խաչվերացի տօնը Դամասկոսի մէջ

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեան, ընկերակցութեամբ Տ. Տրդատ Քհնյ. Քիրէճեանի, կատարեց մատաղի օրհնութիւն, զոր նուիրաբերած էր ՌԱԿ-ի Սուրիոյ Հարաւային Շրջանի Վարիչ Մարմինի եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան կողմէ:

Դամասկոսի Թեմի  պաշտօնական էջէն կը կարդանք՝ 

Կիրակի, 13 Սեպտեմբեր 2026-ին, Խաչվերացի տօնին առթիւ, Դամասկոսի Առաջնորդանիստ Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը: Պատարագիչ Սրբազն Հօր առընթերակայ էր Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ Քիրէճեանը:

Յաւարտ սուրբ Պատարագի կատարուեցաւ Խաչվերացի Թափօրի արարողութիւնը: Թափօրի ընթացքին Սրբազան Հայրը օրհնելով աշխարհի չորս ծագերը, աղօթք առաքելով առ Աստուած, ամենաբարձրեալէն խնդրեց Հայոց Եկեղեցւոյ եւ Հայրապետութեան անսասանութիւն, Հայոց Աշխարհին անդորրութիւն եւ յառաջդիմութիւն եւ համայն աշխարհին խաղաղութիւն:

Առաջնորդ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը, ընկերակցութեամբ Տ. Տրդատ Քհնյ Քիրէճեանի, կատարեց մատաղի օրհնութիւնը, զոր նուիրաբերած էր ՌԱԿ-ի Սուրիոյ Հարաւային Շրջանի Վարիչ Մարմինի եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան կողմէ: