Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ երկխօսութեան մէջ որոշակի առաջընթաց կայ։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ մէջ Փաքիստանի դեսպան Ֆայսալ Նիյազ Թիրմիզին՝ ԹԱՍՍ-ին տուած հարցազրոյցին մէջ։
«Այո՛, որոշակի առաջընթաց կայ, չէ՞ որ դիւանագիտութիւնը այդ նպատակով է անհրաժեշտ։ Մենք միշտ բաց կը պահենք հաղորդակցութեան ուղիները բոլոր կողմերուն միջեւ։ Այդ իսկ պատճառով Փաքիստանը կը հանդիսանայ երկու երկիրներուն միջեւ հաւատարիմ միջնորդ՝ ի նպաստ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան եւ կայունութեան»,– ըսած է ան՝ պատասխանելով համապատասխան հարցին։
Աւելի վաղ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր, որ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ միջնորդներու միջոցով նոր շփումներ տեղի ունեցած են։