image

Ուղերձ Հալէպի Ժողովուրդին. Յառաջիկայ օրերը ամենածանրն են. Արաբ Լրագրող

Ուղերձ  Հալէպի Ժողովուրդին. Յառաջիկայ օրերը  ամենածանրն են. Արաբ Լրագրող

Սիւնակագիր Հասսան Հալապի կը գրէ.

 

Հալէպը յառաջիկայ  օրերուն պիտի դառնայ ամբողջ աշխարհի լուրերու ուշադրութեան կենդրոնը, քանի որ հակամարտող տարածաշրջանային եւ միջազգային կողմերը շատ լաւ գիտեն, որ յառաջիկայ օրերու անկիւնադարձը պիտի գտնուի Հալէպի վրայ իշխող կողմի ձեռքը:

Կան շատ դաժան եւ դժուար սցենարներ Հալէպի ժողովրդին համար, որ պիտի գծեն ոչ թէ միայն Հալէպի, այլ ամբողջ  տարածաշրջանի ապագան, մինչ  ռուսերը կը շարունակեն իրենց ծրագիրները աջակցելով Սուրիոյ կառավարութեան ապահովելով   օդային    տարածքի անվտանգութիւնը, անդին Սէուտական Արաբիան եւ Թուրքիան Հալէպի անկումը կը գտնեն որպէս  կորուստ՝ տարածաշրջանի մէջ  իրենց շահերուն եւ ընդարձակում՝ իրանական ազդեցութեան:

Այնտեղ կան նաեւ իրարայաջորդ արագ յայտարարութիւններ կատարուած  թուրք եւ սէուտցի ղեկավարներու կողմէ, որոնք  կ'ակնարկեն դէպի հիւսիսային Սուրիոյ տարածաշրջանի անխուսափելի ներխուժման, որ եթէ իրականանայ, կը նշանակէ, որ իսկական պատերազմ մը պիտի սկսի մէկ կողմէն՝ Իրան–Ռուսաստան եւ միւս կողմէ Թուրքիա-Սէուտական Արաբիոյ միջեւ, սուրիական հողի վրայ, որու հետեւանքով դժոխքի դռները լայնօրէն պիտի  բացուի տարածաշրջանին մէջ: