ԱԺ «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան նախագահ Նիկոլ Փաշինեանը՝ ֆէյսպուքեան ուղիղ եթերով յայտնած է, որ Որոշ ժամանակով մը դադրեցնել փողոցներու փակումը:
«Չի կարելի թոյլ տալ, որ ինչ-որ մարդիկ այս ամէնից օգտուեն եւ սա վերածեն անվերահսկելի գործառոյթի»,- ըսած է ան:
Նիկոլ Փաշինեանը Արշակունեաց պողոտայի վրայ կանգ առած եւ փողոցը փակողներուն կոչ ըրած է որոշ ժամանակով դադրեցնել փողոցը փակելու գործընթացը:
Նա նշած է, որ մտահոգիչ տեղեկութիւն ստացած են եւ առաջին հերթին պէտք է զբաղուին քաղաքի մէջ կարգ ու կանոնի հաստատմամբ:
«Ես կոչ եմ անում միայն Երեւանում առժամանակ դադարեցնել այս գործընթացները»,- ըսած է ան եւ կոչ ըրած է ինքնակազմակերպուիլ եւ առանց պետհամարանիշներու ինքնաշարժները կանգնեցնել եւ յորդորել երթեւեկել պետհամարանիշներով։
«Կան մարդիկ, որ իրավիճակից օգտւում են, եւ համոզուած եմ՝ այդ մարդիկ անում են մեր յեղափոխութիւնը վարկաբեկելու համար»,- ըսած է ան եւ նշած, որ պիտի շարժի դէպի «Լամպատա» կամուրջ:
Նիկոլ Փաշինեանը ըսած է, որ առանց պետհամարներու կամ փակուած պետհամարանիշներով երթեւեկելը նոյնն է, ինչ դիմակներով երթերուն, ցոյցերուն մասնակցիլը: «Դա նոյն սադրանքն է: Դուք յաղթել էք, եւ այս յաղթանակը որեւէ մէկը ձեր ձեռքից չպէտք է կարողանա առնել»,- ըսած է ան։