image

Այս օրերուն խայտառակ վիճակ կը տիրէ Երեւանի փողոցներուն մէջ. News.am

Այս օրերուն խայտառակ վիճակ կը տիրէ Երեւանի փողոցներուն մէջ. News.am

 

Դարձեալ ցաւոտ հարցի մասին։ Ճանապարհներու։ Այնպիսի տպաւորութիւն է, ըսես ամէն բան կրնայ փոխուիլ մոլորակի վրայ, նոյնիսկ կլիման, բայց ոչ Հայաստանի հպարտ քաղաքացիներու վերաբերմունքը իրար եւ իրենց աշխատանքային պարտականութիւններու կատարման հանդէպ։ Դէպքերու հսկայական մեծամասնութեան մէջ վերաբերմունքը թքողական է, բարձիթողի, պարզապէս անփոյթ։

Փոքր, բայց վառ օրինակ՝ ըսուածը ապացուցող։ Ինչու պէտք էր խրամատ փորել «պառկած ոստիկանի» պաարագիծով։ Փորեցին, ձգեցին մէկ շաբաթ։ Այդ ամբողջ ընթացքին մեքենաները ձեւով կը սողային։ Մէկ շաբաթ ետք «շինեցին», այն ալ այնպէս, որ աւելի լաւ էր առհասարակ ձգէին այնպէս, ինչպէս որ կար, խնդիրները աւելի քիչ կ'ըլլային։ Երկրի օրէնսդրութեամբ, եթէ աշխատանքներ կ'իրականացուին՝  ճանապարհածածկի փճանալու վերաբերեալ, աշխատանքները իրականացնող մասնաւորը կամ պետական մարմինը պարտաւոր է վերականգնել ամէն բան այնպէս, ինչպէս աշխատանքները սկսելէ առաջ էր։ Սա՝ թուղթի վրայ։ Աստիճանաբար քանակը կ'անցնի որակի եւ, ինչպէս պատկերաւոր կ'ըսէր փրոֆեսոր Փրէոպրաժենսքին, վրայ կը հասնի փլուզումը։

Քիչ կը մնայ հարցնես՝ ո՞վ, այդ ո՞ր «նախկիններ»ը մեղաւոր են նման վերաբերմունքի համար։ Ո՞ւր կը նային քաղաքապետարանն ու ոստիկանութիւնը։ Ե՞րբ վերջապէս պիտի աւարտվի այս թքողական վերաբերմունքը համաքաղաքացիներու հանդէպ։

Հ.Գ. աշխատանքային պարտականութիւններու նկատմամբ այս փոքրիկ օրինակը Անդրանիկի փողոցի վրայ է։