image

Որոշ ժամանակով մը դադրեցնել փողոցներու փակումը.Փաշինեան հանդէս եկաւ կոչով

Որոշ  ժամանակով  մը դադրեցնել փողոցներու փակումը.Փաշինեան     հանդէս եկաւ կոչով

ԱԺ «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան նախագահ Նիկոլ Փաշինեանը՝ ֆէյսպուքեան ուղիղ եթերով յայտնած է, որ Որոշ ժամանակով մը դադրեցնել փողոցներու փակումը:


«Չի կարելի թոյլ տալ, որ ինչ-որ մարդիկ այս ամէնից օգտուեն եւ սա վերածեն անվերահսկելի գործառոյթի»,- ըսած է ան:

Նիկոլ Փաշինեանը Արշակունեաց պողոտայի վրայ կանգ առած եւ փողոցը փակողներուն կոչ ըրած է որոշ ժամանակով դադրեցնել փողոցը փակելու գործընթացը:

Նա նշած է, որ մտահոգիչ տեղեկութիւն ստացած են եւ առաջին հերթին պէտք է զբաղուին քաղաքի մէջ կարգ ու կանոնի հաստատմամբ:

«Ես կոչ եմ անում միայն Երեւանում առժամանակ դադարեցնել այս գործընթացները»,- ըսած է ան եւ կոչ ըրած է ինքնակազմակերպուիլ եւ առանց պետհամարանիշներու ինքնաշարժները կանգնեցնել եւ յորդորել երթեւեկել պետհամարանիշներով։ 

«Կան մարդիկ, որ իրավիճակից օգտւում են, եւ համոզուած եմ՝ այդ մարդիկ անում են մեր յեղափոխութիւնը վարկաբեկելու համար»,- ըսած է ան եւ նշած, որ պիտի շարժի դէպի «Լամպատա» կամուրջ:

 Նիկոլ Փաշինեանը ըսած է, որ առանց պետհամարներու կամ փակուած պետհամարանիշներով երթեւեկելը նոյնն է, ինչ դիմակներով երթերուն, ցոյցերուն մասնակցիլը: «Դա նոյն սադրանքն է: Դուք յաղթել էք, եւ այս յաղթանակը որեւէ մէկը ձեր ձեռքից չպէտք է կարողանա առնել»,- ըսած է ան։