Զուիցերիոյ նախկին դեսպան Ֆրանսուա Նորտման յայտարարած է, որ 2018 թուականին երկու գլխաւոր շրջաններ ենթակայ են պատերազմի վտանգին, որոնցմէ մին Հիւսիսային Քորէա է, միւսը՝ Սէուտական Արաբիա եւ Իրան: Այս մասին կը յայտնէ «Սփութնիք» լրատուական կայքը:
Լոնտոնի Ռազմավարական ուսումնասիրութիւններու միջազգային ուսումնարանի միջուկային հարցերու մասնագէտ Մարք Ֆիցփաթրիք յայտնած է, որ 2018 թուականի ընթացքին Հիւսիսային Քորէայի պատճառով պատերազմի բռնկման հաւանականութիւնը 50 առ հարիւր է:
Մասնագէտին համոզմամբ, ԱՄՆ-ի եւ Չինաստանի կողմէ բանեցուած ճնշման տակ Հիւսիսային Քորէայի միջուկային նախագիծերու չեղարկման հաւանականութիւնը շատ չնչին է:
Ինչ կը վերաբերի Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ խնդիրներուն, Ֆիցփաթրիք վերջիններուս միջեւ առկայ լարուածութիւնը աննախադէպ համարած է, միաժամանակ շեշտելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ հակամարտութիւնը հաւասար պայմաններու մէջ չ'ընթանար, նկատի ունենալով, որ Սէուտական Արաբիա մտահոգ է Իրանի յառաջխաղացումէն, մանաւանդ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման անկումէն ետք: