image

«Վերափոխման շարժում»ը կը պահանջէ Իրաքեան Քիւրտիստանի խորհրդարանական կառավարման ձեւի անցումը

«Վերափոխման շարժում»ը կը պահանջէ Իրաքեան Քիւրտիստանի խորհրդարանական կառավարման ձեւի անցումը

Իրաքեան խորհրդարանի անդամ Սարուա Ապտ Ալ Ուահէտ յայտարարած է, որ «Վերափոխման շարժման» հետեւորդ իրաքեան Քիւրտիստսանի խորհրդարանի անդամները որոշած են շարունակել ներկայ գտնուիլ խորհրդարանի նիստերուն, քննարկելու համար Քիւրտիստանի նախագահական օրէնքի հարցն ու նախագահի լիազօրութիւններու բաշխումը, շեշտելով, որ շարժումը կը պահանջէ ղեկավարման նախագահական ռեժիմէն անցում կատարել խորհրդարանական ձեւի: Այս մասին կը գրէ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութիւնը:

Աղբիւրը փոխանցելով Ապտ Ալ Ուահէտի յայտարարութիւնը, նշած է, որ շարժման անդամները պիտի շարունակեն ներկայ գտնուիլ խորհրդարանի նիստերուն, մինչեւ լուծուի նախագահական օրէնքի հարցն ու նախագահի լիազօրութիւններու բաշխումը, այնուհետեւ պիտի որոշեն շարունակե՞ն, թէ պոյքոթեն:

Պաղտատի մէջ իրաքեան խորհրդարանի «Վերափոխման շարժման» ներկայացուցիչը շեշտած է, որ շարժման պահանջն է ամբողջութեամբ վերափոխման ենթարկել նախագահական օրէնքն ու անցնիլ ղեկավարման խորհրդարանական ձեւի: «Ամենակարեւորը ընտրութիւնները ճիշդ ժամանակին իրականացնելն է»,- կարծիք յայտնած է պատգամաւորը:

Ապտ Ալ Ուահէտի կարծիքով, այս շրջանին ընտրութիւններու յետաձգումը ճիշդ բան չէ: «Երկու կամ երեք ամիսով յետաձգուիլը տրամաբանական է, սակայն ութ ամիսը երկար ժամկէտ է»,- նշած է ան, աւելցնելով. «կը կարծեմ, որ Դեմոկրատական կուսակցութիւնն ու Ազգային միութիւնը կը քննարկեն ներկայ իրավիճակի պահպանման խնդիրը, եւ ընտրութիւններու պիտի չմասնակցին»: