image

Վերաբերմունքը նուաստացնող է. ՀՀ ԱԳ-ն դատապարտած է Ատրպէյճանի կողմէ հայ սպային դէմ եղած վարմունքը

Վերաբերմունքը նուաստացնող է. ՀՀ ԱԳ-ն դատապարտած է Ատրպէյճանի կողմէ հայ սպային դէմ եղած վարմունքը

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է Ատրպէյճանի իրաւազօրութեան ներքոյ յայտնուած սպայ՝ Գուրգէն Ալաւէրտեանի իրաւունքներու ոտնահարման վերաբերեալ։

 

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան կողմէ  տարածուած  յայտարարութիւն մէջ մասնաւորապէս կ՚ըսուի՝ «Մենք խստօրէն կը դատապարտենք 22 օգոստոսին ատրպէյճանական իրաւազօրութեան ներքոյ յայտնուած սպայ՝ Գուրգէն Ալաւէրտեանի հանդէպ կիրառուող նուաստացնող վերաբերմունքը, ինչ որ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի բացայայտ եւ կոպիտ խախտում է:

 

Գուրգէն Ալաւէրտեանի արժանապատուութեան հրապարակային ոտնահարումով Ատրպէյճանը կը մերժէ քաղաքակիրթ մարդկութեան կողմէ հանրահռչակուած՝ ռազմագերիներու՝ «ցանկացած հանգամանքներու մէջ իրենց անձին եւ պատուին նկատմամբ յարգանքի իրաւունքը», որ ամրագրուած է Ժընեւի III համաձայնագիրով: Նման գործելակերպ բնորոշ է տխրահռչակ ահաբեկչական խմբաւորումներուն, եւ ինչպէս կարող ենք արձանագրել, նաեւ Ատրպէյճանին: 

 

Պարզունակ քարոզչութեան եւ հայատեացութեան հնարքներով սեփական ժողովուրդին կերակրող Ատրպէյճանի բռնապետական ռեժիմը իջած է այն մակարդակին, որ յուլիսեան մարտերուն սեփական բանակի լուրջ անյաջողութիւնները կը կոծկէ ռազմագերիին, պարտադրուած շինծու թեքսթերով:

 

Միջազգային մարդասիրական իրաւունքի հանդէպ Ատրպէյճանի արհամարհանքի մասին կը վկայէ նաեւ այն փաստը, որ Ատրպէյճան այն սակաւաթիւ երկիրներէն է, որոնք կը հրաժարին վաւերացնելէ Ժընեւի համաձայնագիրներուն կից բոլոր լրացուցիչ արձանագրութիւնները:

 

Ատրպէյճանի կողմէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի շարունակական խախտումները լրջօրէն կը խաթարեն խաղաղութեան նպաստող միջավայրի հաստատումը»: