ԱՄՆ-ը պաշտօնական դիմում ուղարկած է ՄԱԿ-ի Անվտամգութեան խորհուրդ՝ Վենեզուելայի մէջ ստեղծուած իրավիճակի հարցով նիստ գումարելու խնդրանքով:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ»ը, այս մասին ըսուած է ԱՄՆ կառավարութեան հաղորդագրութեան մէջ: Նիստը առաջարկուած է հրաւիրել շաբաթ առաւօտեան 9-ին (երեւանեան՝ 18:00):
Յիշեցնենք, որ նախօրէին Քարաքասի մէջ զանգուածային բողոքի ցոյցեր սկսած էին՝ ընդդէմ երկրի գործող նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի: Ընդդիմադիր խորհրդարանի նախագահ Խուան Կուաիտոն ինքզինք հռչակած է երկրի ժամանակաւոր նախագահ:
ԱՄՆ-ը եւ շարք մը այլ երկիրներ աջակցութիւն յայտնած են ընդդիմադիր առաջնորդին, սակայն կան այլ երկիրներ, որոնք իրենց աջակցութիւնը կը յայտնեն Մատուրոյին:
Աւելի վաղ Մատուրոն յայտարարած է, որ կը խզէ դիւանագիտական յարաբերութիւնները ԱՄՆ-ի հետ: