Շահան Սրբազանին
Վերջին ամեակներուն տարբեր հանգամանքներու բերումով Հայաստանի առաքելական եկեղեցին եւս թիրախ դարձաւ անհիմն մեղադրանքներու: Խորհրդային կարգերուն հայոց եկեղեցիին դէմ գործադրուած հալածանքները քիչ չէին կարծէք ու Հայաստանի անկախացումով ստեղծուած իրավիճակով Հայոց եկեղեցին դարձաւ ծանր քննադատութիւններու առարկայ: Տարբեր եղան պայմանները, ու յաճախ եկեղեցականները իրենք իրենց սեփական տան դէմ ոտնձգութիւններ կատարեցին:
Համատարած ճիգ կար աղարտելու հայոց դարաւոր հաւատքին տունը: Հակառակ տարաբնոյթ պայմաններուն, Հայ եկեղեցին կարողացաւ պահել իր դիմագիծը եւ շարունակել ներկայանել, իբրեւ մեր ժողովուրդի ոգեղէն ամրոցը եղող կայուն արժէք:
Գաղափարական տատանումներով լեցուն այսօրուան աշխարհին մէջ, ուր սարսափելի անկումներ կը նշմարուին եկեղեցին կը շարունակէ մնալ այն ամրոցը, որ Թէքէեանի բառերով ՝
«Մէն մի քարին տակ գետնի
Դէպի երկինք բարձրացող գաղտնի ճամբայ մը ունի.
Եկեղեցին Հայկական հայ հոգիին եւ մարմնոյն
Զըրահանդերձ է փայլուն՝ մինչ իր խաչերն են դաշոյն
Եւ զանգակներն են բոմբի՛ւն, եւ երգերն է միշտ յաղթութիւն . . .»
Այս խօսքին հետ մէկտեղ ճշմարտացի է նաեւ, որ վեղարներու խորհուրդին մէջ պսակուած հայ վարդապետն ու աբեղան հայոց եկեղեցիին հիմնարար ներկայացուցիչներն են:
Եղան եկեղեցականներ,որոնք իրենց անձը աւելի վեր դասեցին Քրիստոսի հաւատքէն: Գոռոզութիւնը դարձուցին զէնք եւ օտարեցին մեր ժողովուրդը հաւատքի բոլոր խորաններէն: Եղան շատեր, որոնք սին եւ անցողիկ համոզումներով խաթարեցին իրենց հոգեւոր կերպարը եւ սուտին ու ձեխին մէջ խառնել իրենց էութիւնը:
Եղան շատեր, որոնք հաաւատքի ուխտը կէս ձգելով յանկարծ յիշեցին իրենց փոքր եսին մասին: Յիշեցին նաեւ, որ կարող են այդ փոքր եսով ապրիլ:
Անոնք մոռցած են Տէրոջ բառը:
Մոռցած են, որ Քրիստոնէութիւնը ոչ թէ ոսկիի եւ մամոնայի կրօնն է այլ հեզութեան եւ խոնարհութեան:
Անոնք մոռցած են աղօթքին էութիւնը, ու մոռցած են նաեւ, որ իրենք նոյն իրենք «Ոսկեդար» կերտած մեր սուրբերուն եւ երանելիներուն յետնորդներն են:
Դարու ախտը մտած է անոց հոգիներուն մէջ ու անոնց մարմինը պատած է չարին կամքով:
Այս շատերուն կողքին կան նաեւ քիչեր, որոնք յաջողեցան ուխտի տապանակը իրենց ուսերուն դնելով լուռ քալել մթին ու ամայի ճամաբաներէն լոյսի շող մը սփռելու համար:
Եղան քիչեր, որոնք շարունակեցին հաւատալ իրենց առաքելութեան:
Եղան քիչեր, որոնց համար իրենց եսին ձայնը ոչ մէկ արժէք էր:
Եկեղեցին այդ քիչերն են:
Փայտեայ խաչին քիչերը:
Այս բառերը յատկապէս ուզեցի գրել այն համոզումով, որ մեր եկեղեցին այսօր իր խոր արմատներուն կառչելով զօրեղ կրօնաւորներու բանակ մը ունի: Եւ անոնք ամէն առիթի կը յիշեցնեն, որ եկեղեցին միայն քարեղէն ամրոցը չէ այլ նախ եւ առաջ մարդն է:
Կան անուններ, որոնք արժանի չեն սեւ սքեմի ուխտին, ծաղկեայ փիլոնի շնորհքին կամ եպիսկոսական ասայի իշխանութեան:
Դատաւորը մենք չենք: Մեզի կը մնայ հետեւիլ այն ընտրեալներուն, որոնք կոչուած են այս դժուարին ատեններուն հաւատքի մեր անօթին մէջ ցող մը աղօթք ցանել:
Կան եկեղեցականներ որոնք եկեղեցին կ'օտարեն ու կան եկեղեցականներ (սակաւաթիւ), որոնք իրենք եկեղեցին են:
Վեղարներ կան, որ մեր ժողովուրդի հաւատքի գագաթը դարձած կը քալեն:
Մենք այդ վեղարներուն ետեւէն պիտի քալենք:
Սագօ Արեան