Հայ-ռուսական տնտեսական համագործակցութեան օրակարգին առնչուող հարցերը քննարկելու նպատակով 2021 թուականի մարտ 16-18-ը Ռուսաստանի Դաշնութիւն (Մոսկուա) պիտի գործուղուի ՀՀ կառավարական պատուիրակութիւնը։ Այս մասին որոշում կայացուցած է ՀՀ վարչապետը։
Ըստ վարչապետի որոշման, ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը, գործուղումէն վերադառնալէն ետք, եռօրեայ ժամկէտի մէջ ՀՀ վարչապետին պիտի ներկայացնէ գործուղման արդիւնքներու մասին հաշուետուութիւնը: