Այսօր նախագահական նստավայրի մէջ Կառավարութեան նոր անդամներու երդմնակալութեան արարողութիւն տեղի ունեցաւ:
Առաջին անգամ երդուեցաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: «Յանուն համազգային նպատակներու իրականացման եւ հայրենիքի հզօրացման երդւում եմ, բարեխղճօրէն կատարել ժողովուրդի առջեւ ունեցած պարտաւորութիւններս, պահպանել ՀՀ Սահմանադրութիւնը եւ օրէնքները, նպաստել ՀՀ ինքնիշխանութեան եւ շահերի պաշտպանմանը հաւատարիմ մնալ կառավարութեան անդամի բարձր կոչմանը»,- երդման բնաբանը կարդաց վարչապետը:
Վարչապետէն յետոյ երդուեցան ՀՀ առաջին փոխվարչապետ Արարատ Միրզոյեանը, փոխվարչապետներ Տիգրան Ավինեանը եւ Մհեր Գրիգորեանը, այնուհետեւ՝ նախարարները: