ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան քիչ առաջ Հայաստանի քաղաքացիներուն դիմելով բոլոր տեսակի հաւաքները դադրեցնելու կոչ ըրաւ:
Յիշեցնենք, որ վարչապետը այսօր ճեպազրոյց ունեցած էր լրագրողներուն հետ ուր մասնաւորապէս ըսած էր «Եթէ ոեւէ մէկը կ'ակնկալէ, որ ես պէտք է մտնեմ, քրէակատարողական հիմնարկներու դռներ բանամ, ատիկա ճիշդ մօտեցում չէ: Կան ընթացակարգեր, կան մարմիններ, որոնք բոլոր հարցերը կը լուծեն»:
Անդրադառնալով Երեւանի տարբեր հատուածներու մէջ բողոքի ցոյցերուն ու կառավարութեան դիմաց հաւաքուած մարդոց խնդիրներուն` Փաշինեան նշեց, որ հանգիստ պայմաններու մէջ պէտք է հարցերը առաջադրել ու զբաղիլ ատոնց լուծումով: «Ի հարկէ, այս տեսարանը միշտ եղած է բոլոր կառավարութիւններու ժամանակ: Մենք գիտենք, որ ճնշումներ գործադրելով շատ ատեն զսպուած են, փակուած են այդ ցոյցերը, հիմա այդ ճնշումներու մեքանիզմը չկայ, մարդիկ ազատ արտայայտուելու իրենց իրաւունքէն կ'օգտուին։ Ատիկա բնական է, բայց, միւս կողմէն, ես կը կարծեմ, որ պէտք է հասկնանք, որ բոլոր հարցերը մէկ անգամէն լուծելու տրամաբանութիւն չի կրնար գործել: Եթէ մենք բոլոր հարցերը փորձենք լուծել, մենք բոլոր հարցերու լուծումը կը ձախողցնենք»,- ըսած է վարչապետը: