Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ երէկ յետմիջօրէին այցեալծ է Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան առաջնորդ Ուալիտ Ժոմպլաթին, այցէն ետք ուշագրաւ յայտարարութիւններ ըրած է լրատուական գործակալութիւններուն:
Հարիրի նկատել տուած է, որ յառաջիկայ շաբաթ կարեւոր նորութիւններ պիտի գրանցուին կառավարութեան կազմութեան տագնապին վերաբերեալ: Ան նաեւ նշած է, որ այս փուլին ինք պատրաստ չէ բախումներու երթալու եւ մեծ ճիգեր պիտի գործադրուին, կազմելու համար Ազգայի համաձայնութեան կառավարութիւն մը:
Նշենք, որ անցեալ մայիսէն ի վեր երկրի կառավարութեան ղեկը ստանձնած Հարիրի, տարբեր հանգամանքներու բերումով, ձախողեցաւ նոր կառավարութիւն մը կազմելու իր առաքելութեան մէջ:
Կառավարութեան կազմութեան տագնապին վերջին փուլը յատկանշուեցաւ անկախ սիւննիներու պահանջներով, որոնք արդարացի պահանջք ներկայացնելով, կ'ուզէին նախարարական աթոռ մը ունենալ 30 աթոռներէ բաղկացող նախարարութեան մէջ:
Յայտնենք նաեւ, որ Լիբանան այս փուլին կը բոլորէ տնտեսական բարդ իրավիճակ մը եւ մէկէ աւելի վերլուծաբաններ կարծիք յայտնած են, որ կառավարութեան կազմութիւնը դարձած է անյետաձգելի: