Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան այսօր Իսթանպուլի մէջ ընդունած է Լիբանանի նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրին։
Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է Սաատ Հարիրիի դվիթերի պաշտօնական էջը նշելով, որ հանդիպումը կայացած է «Վահիտ ալ տին» ապարանքին մէջ։
Հարիրիի այս այցելութիւնը երկրորդն է վերջին ամիսներուն ու այցի նպատակներուն կամ ընդհանուր մթնոլորտին մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն կը փոխանցուի։