«UNRWA» մարդասիրական կազմակերպութեան տրամադրուող օժանդակութիւնը դադրեցնելու վերաբերեալ Ուաշինկթընի որոշումը մտահոգութեան ալիք բարձրացուցած է Լիբանանի մէջ:
«Միջին Արեւելք» թերթին փոխանցմամբ, մտահոգութեան պատճառն այն է, որ Լիբանանի տարբեր նահանգներու մէջ գտնուող պաղեստինցիներու 12 գաղթակայաններու օժանդակութիւնը նոյնպէս պիտի դադրեցուի, տնտեսական ծանր կացութեան մատնելով երկիրը:
«Ալ Ֆաթհ» շարժման ղեկավարներէն Մունիր Ալ Միքտահ թերթին հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է, որ Լիբանանի մէջ գործազուրծ պաղեստինցի գաղթականներու թիւը գերազանցած է 70%-ը, միաժամանակ շեշտելով, որ «UNRWA»ի նկատմամբ Ուաշինկթընի որոշումէն ետք, Լիբանան գտնուող պաղեստինցի գաղթականները շատ անմխիթար վիճակի մէջ են: