Աննախադէպ շոգերու պատճառով յունիս 21-էն ի վեր Եւրոպայի մէջ արձանագրուած է աւելի քան 1300 մահուան դէպք։ Այս մասին յայտնած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) ընդհանուր տնօրէն Թետրոս Ատհանոմ Կեպրէյեսուսը, գրած է BBC-ն։ Ըստ ԱՀԿ-ի ղեկավարին՝ մահերու պատճառն այն է, որ Եւրոպայի բնակարանները, աշխատավայրերը եւ դպրոցները յարմարեցուած չեն նման կլիմայի՝ բարձր ջերմաստիճաններու։
Ֆրանսայի մէջ օդի ջերմաստիճանը հասած է 44.3 աստիճանի։ Երկրի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ յունիս 24-էն ի վեր արձանագրուած է սպասուածէն մօտ 1000-ով աւելի մահ։ Մահացածներու մեծ մասը 65 տարեկանէն բարձր անձեր են, իսկ տուներու մէջ մահացութեան դէպքերը աճած են 40 տոկոսով։
Ջերմաստիճանային նոր մրցանիշներ սահմանուած են նաեւ Գերմանիոյ, Լեհաստանի եւ Չեխիոյ մէջ, քանի որ տապի ալիքը կը շարունակէ շարժիլ դէպի արեւելք։ ԱՀԿ-ի ղեկավարին խօսքով՝ Եւրոպան կը տաքնայ համաշխարհային միջին ցուցանիշէն երկու անգամ աւելի արագ։ Շոգին պատճառով ներկայիս դպրոցներ կը փակուին, իսկ ուժանիւթի մատակարարման համակարգերուն աշխատանքը կը խափանուի։
Գերմանիոյ արեւելեան շրջանին մէջ արձանագրուած է 41.7 աստիճան տաքութիւն։ Չեխիոյ Տոքսանի բնակավայրին մէջ օդի ջերմաստիճանը հասած է 41.1, իսկ Լեհաստանի Սլուպիցէ քաղաքին մէջ՝ 40.5 աստիճանի։