Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդումը կը շարունակէ մնալ համահայկական օրակարգի կարեւորագոյն ուղղութիւններէն մէկը։ Այս ծիրէն ներս, համայնքային կառոյցներու, կրթական հաստատութիւններու եւ Հայաստանի պետական մարմիններու միջեւ անմիջական շփումները ոչ միայն կը նպաստեն փոխըմբռնման խորացման, այլեւ նոր հնարաւորութիւններ կը բանան համատեղ եւ երկարաժամկէտ ծրագրերու իրականացման համար։
Այս շրջագիծին մէջ, ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան աշխատանքային այցով գտնուած է Յունաստան, ուր Յունաստանի ՀԲԸՄ վարչութեան հրաւէրով այցելած է Աթէնքի «Արտաքի Գալփակեան» հայկական ամենօրեայ վարժարան եւ հանդիպում ունեցած կառոյցի ղեկավար կազմին հետ։
Ստորեւ ՀՀ Սփիւռքի յանձնակատարութեան գրասենեակի այս առթիւ տարածած հաղորդագրութիւնը՝
Զարեհ Սինանեան աշխատանքային այցով կը գտնուի Յունաստան։ Հունիս 23-ին, այցի ծիրէն ներս, ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան, ՀԲԸՄ Յունաստանի վարչութեան հրաւէրով, այցելած է ՀԲԸՄ Աթէնքի «Արտաքի Գալփակեան» հայկական ամենօրեայ վարժարան եւ հանդիպում ունեցած կառոյցի ղեկավար կազմին հետ։
Հանդիպման սկիզբը Գլխաւոր յանձնակատարը շնորհաւորած է ՀԲԸՄ Յունաստանի նորընտիր վարչութիւնը եւ վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Մարուքեանը՝ մաղթելով արդիւնաւէտ գործունէութիւն՝ ի նպաստ համայնքի զարգացման եւ հայապահպանութեան։
Քննարկման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան խորացման, համատեղ ծրագիրներու իրականացման, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի ներուժի աւելի արդիւնաւէտ ներգրաւման կարելիութիւններուն։ Կողմերը կարեւոր նկատած են Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեգործական նախաձեռնութիւններու վերածումը երկարաժամկէտ եւ կայուն զարգացման ծրագիրներու՝ շեշտելով կրթական, ընկերային եւ համայնքային զարգացման ուղղութիւններով ռազմավարական գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը։
Հանդիպման ընթացքին Գլխաւոր յանձնակատարը նաեւ պաշտօնապէս հրաւիրած է ՀԲԸՄ Յունաստանի վարչութեան անդամները մասնակցելու այս տարի Նոյեմբեր 5-8-ին Երեւանի մէջ կայանալիք Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողովին։
Այցի աւարտին Զարեհ Սինանեան շրջայց կատարած է «Արտաքի Գալփակեան» հայկական ամենօրեայ վարժարանէն ներս, ծանօթացած կրթօճախի գործունէութեան եւ ծրագիրներուն։


