Միեւնոյն ժամանակ գիտնականը չէ բացառած, որ SARS-CoV-2 ժահրը կրնար առաջանալ նաեւ Ուհանի տարրալուծարանին մէջ:
«Ես այնքան ալ միամիտ չեմ, որ ըսեմ, որ ամբողջովին կը բացառեմ այդ տարբերակը»,- նշած է Անտըրսըն:
Գործակալութեան զրուցակիցը վստահութիւն յայտնած է, որ եթէ նոյնիսկ այդպէս եղած է, հիմնարկի աշխատակիցներու գործողութիւններուն մէջ չէր կրնար դիտաւորութիւն ըլլալ: Մասնագէտը հնարաւոր համարած է վարկածը, ըստ որու աշխատակիցներէն մէկը կրնար անգիտակցաբար վարակուած ըլլալ, այնուհետեւ վարակել միւսները: Սակայն Անտըրսըն այս վարկածի հաւանականութիւնը ծայրայեղ աննշան կը գնահատէ:
Միեւնոյն ժամանակ վարակաբանը չի զարմանար, որ հետազօտողները չեն յաջողած գտնել ժահրի տարածման իրական աղբիւրը, քանի որ անցեալին 10 տարի պահանջուած էր թոքաբորբի բնական յարուցիչի բացայայտման համար: