Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը հարուածներ հասցուցած է Լիբանանի հարաւին մէջ «Հըզպալլա»-ի ենթակառոյցներուն՝ նշելով, որ գործողութիւնները իրականացուած են շարժման կողմէ հրադադարի խախտումներուն ի պատասխան։ Այս մասին Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը հաղորդած է իր Telegram-ի ալիքով։
«Կիրակի օր (Յունիս 28-ին), ի պատասխան «Հըզպալլա»-ի կողմէ հրադադարի համաձայնագրի խախտման, որ դրսեւորուած է անվտանգութեան գօտիին մէջ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի զինուորներու դէմ շարունակուող յարձակումներով, Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը հարուածած է «Հըզպալլա»-ի երեք հրամանատարական կեդրոններ՝ Լիբանանի հարաւի Նապաթիէի եւ Մայֆատունի շրջաններուն մէջ»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Իսրայէլի բանակը նաեւ յայտնած է, որ իր զինուորները ոչնչացուցած են հրթիռարձակման կայան մը, զոր խմբաւորումը կը գործածէր իրենց դէմ յարձակումներ իրականացնելու համար։
Բացի ատկէ, Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը հաղորդած է «Հըզպալլա»-ի մէկ ստորգետնեայ համալիրի ոչնչացման մասին, ուր մեծ քանակութեամբ զէնքեր պահուած էին։ Իսկ զինեալներէն մէկուն հետ բախման ընթացքին, ըստ այլ հաղորդագրութեան, զոհուած է մէկ իսրայէլցի զինուոր, իսկ ուրիշ մը վիրաւորուած է։
Յունիս 26-ին Իսրայէլը, Լիբանանը եւ Միացեալ Նահանգները Ուաշինկթընի մէջ ստորագրած են եռակողմ շրջանակային համաձայնագիր մը՝ «Հըզպալլա»-ի եւ հրեայ պետութեան միջեւ մարտական գործողութիւնները դադրեցնելու նպատակով։ Փաստաթուղթին համաձայն՝ իսրայէլեան ուժերը պիտի շարունակեն մնալ Լիբանանի հարաւի այսպէս կոչուած «անվտանգութեան գօտի»-ին մէջ, մինչեւ «Հըզպալլա»-ի զինաթափումը։ Լիբանանի զինուած ուժերը պարտաւոր են վերահաստատել վերահսկողութիւնը ամբողջ երկրի տարածքին եւ զինաթափել բոլոր ոչ պետական զինուած խմբաւորումները։ Այս գործընթացը պիտի իրականացուի փուլ առ փուլ։ Լիբանանի բանակը նախ ամբողջական վերահսկողութիւն պիտի հաստատէ նախապէս համաձայնեցուած փորձնական հատուածներուն մէջ, որմէ ետք իսրայէլեան ուժերը աստիճանաբար պիտի հեռանան այդ շրջաններէն։
Իսրայէլ շեշտած է, որ Լիբանանի նկատմամբ տարածքային պահանջներ չունի, եւ իր գործողութիւնները «Հըզպալլա»-ի սպառնալիքին հետեւանքն են։ Կողմերը նաեւ յայտարարած են, որ կը ձգտին վերջ տալ փոխադարձ հակամարտութեան, ապահովել երկու երկիրներու ինքնիշխանութիւնն ու անվտանգութիւնը եւ հաստատել խաղաղ ու բարի դրացիական յարաբերութիւններ։
«Հըզպալլա»-ի առաջնորդը քննադատած է համաձայնագրի ստորագրումը՝ զայն բնութագրելով որպէս նուաստացուցիչ։