image
Հրատապ լուրեր:

Կոնջորեան, Ալեքսանեան, Եղոյեան, Ջուլհակեան, Ղազարեան. ՔՊ-ի մէջ այսօր պիտի որոշեն ԱԺ փոխնախագահներու թեկնածուները

Կոնջորեան, Ալեքսանեան, Եղոյեան, Ջուլհակեան, Ղազարեան. ՔՊ-ի մէջ այսօր պիտի որոշեն ԱԺ փոխնախագահներու թեկնածուները

Ազգային ժողովի փոխնախագահներու պաշտօններու համար պայքարն այսօր երեկոյեան պիտի հանգուցալուծուի:

«Ազատութեան» տեղեկութիւններով՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութիւնն այսօրուան նիստին փակ, գաղտնի քուէարկութեամբ որոշում պիտի կայացնէ:

Խորհրդարանի երկու փոխխօսնակներու պաշտօններուն կը հաւակնին ԱԺ նախագահի թեկնածուի ընտրութիւններուն չյաջողած Հայկ Կոնջորեանը, ՔՊ փոխնախագահ Վահագն Ալեքսանեանը, Եւրոպական համարկման ու պետաիրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովներու նախագահներ Արման Եղոյեանն ու Արուսեակ Ջուլհակեանը, ինչպէս նաեւ պատգամաւոր Ալխաս Ղազարեանը:

Անցեալ շաբաթ ԱԺ նախագահի թեկնածու ընտրուեցաւ Ռուբէն Ռուբինանը, որը լրագրողներու հետ զրոյցին յայտարարած է. «Շոյուած եմ արդիւնքից եւ վստահութիւնն ինձ համար շատ պարտաւորեցնող է: Չեմ կարող ասել, որ ինչ-որ բան պէտք է աւելի լաւ անեմ, քան նախորդ նախագահը կամ միւս թեկնածուները: Ես կարծում եմ, որ պարոն Սիմոնեանը շատ լաւ Ազգային ժողովի նախագահ է եղել եւ պարոն Կոնջորեանը փայլուն խմբակցութեան ղեկավար է եղել»: