Սուրիոյ մէջ ռուսական հաշտեցման կեդրոնը յայտարարած է Տումայէն 134 առեւանգեալներու ազատ արձակման մասին, նշելով, որ «Ժայշ Ալ-Իսլամ»ը ընդհանուր առմամբ 195 մարդ ազատ արձակած է: Այս մասին կը գրէ լիբանանեան «Ալ-Տիար»ը, նշելով, որ այս մասին ըսած է հաշտեցման կեդրոնի նախաագահ Եուրի Իվթուչէկոն:
Իվթուչէկոն նաեւ ըսածէ. «Տումայի մէջ իրավիճակը դէպի կայունութեան կ'երթայ, եւ քանի օր է, որ այնտեղ պայքար տեղի չունենար, մինչ ձեռքբերուած համաձայնութիւններու միջոցաւ պատանդներու եւ բանտարկեալներու ազատ արձակման աշխատանքները կը շարունակուին»: