15 Հայ գերիներ ազատ արձակուած են։
Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց «Սփութնիք» գործակալութիւնը։
Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ հայ գերիները ազատ արձակուած են հայկական կողմէն Ակնայ (Աղտամ) շրջանի ականի քարտէզը հակառակորդին տալէ ետք։
Նշենք նաեւ, որ լուրը հաստատած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան, որ իր դիմատետրի էջին տեղադրած է Հայաստան վերադարձող գերիներուն լուսանկարը։