image

Յաճախակի դարձած են ՊԲ մարտական դիրքերու եւ սահմանամերձ խաղաղ բնակավայրերու ուղղութեամբ արձակուած կրակոցները. Արցախի ՊՆ

Յաճախակի դարձած են ՊԲ մարտական դիրքերու եւ սահմանամերձ խաղաղ բնակավայրերու ուղղութեամբ արձակուած կրակոցները. Արցախի ՊՆ

Վերջին օրերուն հակառակորդը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ տարբեր ուղղութիւներով խախտած է հրադադարի պահպանման ռեժիմը: Նշուած խախտումներու առանձնայատկութիւնը այն է, որ եթէ նախապէս թշնամական կողմը հիմնական կը կրակէր դէպի օդ, ապա ներկայիս աւելի յաճախակի դարձած են ՊԲ մարտական դիրքերու եւ սահմանամերձ խաղաղ բնակավայրերու ուղղութեամբ արձակուած կրակոցները:

Այս մասին կը տեղեկացնէ ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութիւնը:

Համոզուած ըլլալով, որ նշուած խախտումները նպատակ ունին խուճապային տրամադրութիւններ ստեղծել Արցախի ազգաբնակչութեան մօտ, ինչպէս նաեւ ստուերել ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան իրականացումը՝ ԱՀ ՊՆ-ն  կոչ կ'ընէ ատրպէյճանական կողմին զերծ մնալու նման սադրիչ գործողութիւններէ եւ հաւատարիմ մնալու ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն: