ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամբը Հայաստանի վարչապետի պաշտօնին ընտրուելու կապակցութեամբ շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը:
Շնորհաւորական ուղերձի մէջ, մասնաւորապէս, նշուած է.
«Կը շնորհաւորեմ Ձեզ վերջերս կայացած ընտրութիւններու կապակցութեամբ: Անհամբեր կը սպասեմ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բազմաթիւ բնագաւառներու մէջ համագործակցութեան, ներառեալ առեւտրային կապերու, ժողովրդավարական հիմնարկներու եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան ամրապնդման:
Փտածութեան դէմ պայքարի առաջընթացը, բոլոր քաղաքական կուսակցութիւններու միասնութիւնը եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը կը նպաստեն այդ ջանքերուն եւ կ'ապահովեն Հայաստանի պայծառ ապագան:
Լաւագոյն մաղթանքներս Ձեզի եւ հայ ժողովրդին»: