Հայաստանի մէջ կայանալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու, հայ-ռուսական յարաբերութիւններու եւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի լուծման հեռանկարների մասին NEWS.am-ի թղթակիցը զրուցած է ՌԴ Պետական Տումայի ԱՊՀ գործերու եւ հայրենակիցներու հետ կապերու յանձնաժողովի նախագահի տեղակալ, պատգամաւոր Կոնստանտին Զատուլինի հետ։
Լրագրողի հարցին, թէ առաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն որո՞ւ յաղթանակը կ'ապահովէ Հայաստանի ամրապնդումը, անոր միջազգային վարկանիշի վերականգնումը, նաեւ` հայ-ռուսական դաշնակցային եւ ռազմավարական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացումը, Զատուլին պատասխանած է.-
Ռուսաստանի մէջ մարդիկ, որոնք կը հետաքրքրուին կատարուածով, կ'անհանգստանան, ուշադրութեամբ կը հետեւին Հայաստանի մէջ ներքաղաքական պայքարի շրջադարձներուն, ներառեալ խորհրդարանական այս արտահերթ ընտրութիւններու քարոզարշաւի ընթացքին: Մենք տեղեակ ենք, թէ ինչ վարկանիշեր այժմ կը յայտնուին: Կը տեսնենք, որ իրականութեան մէջ գործող իշխանութիւնը, վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը կը կորսնցնէ իր կողմնակիցները:
Ան արդէն չի կրնար ամբողջովին ապաւինել փողոցին, ինչպէս եղաւ 2018 թուականին։ Մարդը, որ այս ընթացքին եղած է Հայաստանի ղեկավարը, պատասխանատուութիւն կը կրէ կատարուածի համար:
Իմ կարծիքով, շատ բնական կերպով կրկին քաղաքական ասպարէզ յայտնուած է Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կերպարը, որու օրօք, Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավար եղած ժամանակ ԼՂ անկախութեան համար պայքարին վճռական յաղթանակներ գրանցուած են: Որու օրօք դժուար թէ տեղի ունենար այն, ինչ տեղի ունեցաւ Փաշինեանի օրօք: Եւ թէեւ մենք գիտենք, որ հայ հասարակութիւնը միասնական չէ անցեալի եւ ներկայի իր գնահատականներուն մէջ, ես կը հասկնամ, որ այսօրուայ իրավիճակին մէջ, ինչպիսին ալ ըլլան պարոն Փաշինեանի մտացածին արժանիքները, անոր ժամանակը սպառած է: Հայաստանի ապագան աւելի շատ կապուած է այն մարդոց հետ, որոնք ի վիճակի են ոչ թէ կեանք ներշնչել, այլ վերադարձնել հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ոգին` որպէս այդպիսին:
Ստեղծուած իրավիճակին մէջ այս դերի համար յարմար է Ռոպերթ Քոչարեանը, եւ բոլորովին յարմար չէ Նիկոլ Փաշինեանը
Ինչ կը վերաբերի անոր, թէ որուն յաղթանակը ընտրութիւններուն աւելի շատ բան կը բերէր ռուս-հայկական յարաբերութիւններուն, ապա իմ պատասխանն այսպիսին է՝ անոր յաղթանակը, որ կ'ամրապնդէ Հայաստաը: Տարօրինակ կ'ըլլար կարծել, որ որեւէ մէկը, յատկապէս գործող իշխանութիւնը, Ռուսաստանի հետ բարեկամութեան մենաշնորհ ունի։ Ինչպէս գիտէք, պաշտօնական Ռուսաստանը շատ բծախնդիր է ներքին գործերուն ուրիշի միջամտութեան հանդէպ: Մենք յարգանքով կը վերաբերինք հայ ժողովուրդին, անոր խելքին ու պատմական փորձին, տեղի ունեցածի անոր ընկալման:
Ռուսաստանի իշխանութիւնները չէին ուզեր, որ հիմա կամ ապագային որեւէ մէկը ըսէր՝ Ռուսաստանը մեզի ընտրութիւն պարտադրած է: Հայ ժողովուրդը պէտք է հասկնայ, որ ամէն ինչ իրմէ կախուած է:
Բայց որպէս հայ ժողովուրդի, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի բարեկամ, կ'ուզեմ ըսել՝ եթէ ժողովուրդը կ'ուզէ վերադարձնել Հայաստանի հեռանկարը, եթէ կ'ուզէ, որ Հայաստանը շարունակէ իր գոյութիւնը որպէս պետութիւն, որ ունակ է ինքզինք պաշտպանել, ապա, կը կարծեմ, որ այս պարագային հայերը կը քուէարկեն Ռոպերթ Քոչարեանին եւ գործող կառավարութեան ընդդիմադիր այլ ներկայացուցիչներու օգտին: Եթէ հայերու համար միեւնոյնն է, անոնք յոգնած են ամէն ինչէ եւ իրենք իրենցմէ, ապա ես կը կանխատեսեմ շատ վատ, այլ արդիւնքներ»: