image

Ծանր միջադէպ Լիբանանի մէջ. Հրդեհի հետեւանքով զոհուած են 9 սուրիացի փախստականներ

Ծանր  միջադէպ Լիբանանի  մէջ. Հրդեհի հետեւանքով զոհուած  են    9 սուրիացի փախստականներ

Ծանր   միջադէպ մը գրանցուած է Լիբանանի Պեքաա շրջանին  մէջ, ուր հրդեհի հետեւանքով  զոհուած են    ինը   սուրիացիներ:

 Այս  մասին կը հաղորդէ  «Ալ Նաշրա» կայքը  նշելով,  որ հրդեհը եղած  է    արեւմտեան Պեքաայի  «Կազա» անունը  կրող   գաղթակայանին մէջ, ուր հրկիզուած են      վրաններ:

 

 Վերջին տուեալներուն  համաձայն  հրդեհին հետեւանքով զոհուածներուն թիւը հասած է 9-ի եւ կան տասնեակ   վիրաւորներ:

 Աղբիւրը կը նշէ, որ հրդեհը    ծագած  է երբ      գաղթական կին մը  պաշտպանուելու համար       ձմրան  ցուրտէն ստիպուած  եղած է    վրանին   մէջ վառարան մը միացնել:

 

 Յիշեցնենք, որ  այս   առաջին դէպքը  չէ որ  տեղի կ'ունենայ Լիբանանի  մէջ գտնուող   սուրիացիներու   գաղթակայանի մը մէջ:

 

Վերջին տուեալներուն համաձայն   այսօր Լիբանանի մէջ   կ'ապրին    մէկ միլիոնէ աւելի     սուրիացի  փախստականներ: