image

Թուրքիոյ մէջ կանխահաս վտա՞նգ

Թուրքիոյ մէջ կանխահաս վտա՞նգ

Ռուսական «Նիզաւիսիմայա Կազեթա»ին մէջ «Թուրքիա արտահերթ ընտրութիւններու վտանգին առջեւ կանգնած է» խորագրով յօդուած մը լոյս տեսած է:

Յօդուածագիր Թիմուր Ահմետով նշած է, որ Էրտողան ու իր կուսակցութիւնը կը պատրաստուին 2019 թուականի ընթացքին իշխանութեան երեք մակարդակներու վրայ ընտրութիւններ յայտարարել: Անոնցմէ առաջինը՝ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ մարտին, այնուհետեւ խորհրդարանական ու նախագահական ընտրութիւնները նոյեմբերին պիտի կայանան:

Յօդուածագիրը կը հաղորդէ, թէ ըստ տարաձայնութիւններուն, Թուրքիոյ մէջ արտահերթ ընտրութիւններ պիտի կայանան, որովհետեւ միջազգային քաղաքական իրավիճակն ու Թուրքիոյ ներքին կացութիւնը կը ստիպեն Էրտողանի վարչակազմին աշխոյժ յարձակման անցնելու:

Թուրքիոյ այժմու վարչակարգի խոշորագոյն քննադատը՝ ԱՄՆ բազմիցս անդրադարձած է այն հանգամանքին, թէ Թուրքիա զգալիօրէն մեծ քայլերով կը հեռանայ ժողովրդավարութենէն:

Յօդուածագիրը կը յայտնէ նաեւ, որ ի շարս այլ խնդիրներու, առկայ է նաեւ Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատան ղեկավարներէն մէկուն դատապարտման խնդիրը, որ կը կասկածուէր ԱՄՆ-ի կողմէ Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցներուն նկատմամբ խարդախութեան մէջ:

Ինչ կը վերաբերի երկրի ներքին հարցերուն, Էրտողանին մտահոգութիւն պատճառող հարցերէն է նոր ընդդիմադիր ուժերու կազմաւորումը, որ որպէս նոր վտանգ կը ծառանայ իշխող կուսակցութեան դէմ:

Նման պայմաններու մէջ, ըստ յօդուածագիրին, Էրտողան եւ իր կուսակցութիւնը կրնան դիմել արտահերթ ընտրութիւններու, քաղաքական գետնի վրայ իրենք զիրենք հաստատելու առաւել մեծ առիթ ունենալու համար: