image

Շուշիի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսութի՞ւն

Շուշիի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսութի՞ւն

 

Թուրքիոյ նախագահ Թայէպ Էրտողանը յայտարարած է, որ Շուշիի մէջ կը ծրագրեն Թուրքիոյ հիւպատոսութիւն բանալ, գրած է «ՌԻԱ Նովոստի» լրատուականը:

 

Էրդտողանն երէկ ժամանած է Պաքու, ուր տեղի ունեցած է դիմաւորման արարողութիւն։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը թուրք գործընկերոջ հետ Շուշիի մէջ ստորագրած է դաշնակցային  յարաբերութիւններու մասին լայնամաշտապ միջպետական համաձայնագիր։

«Շուտով մենք կը նախատենք հիւպատոսութիւն բանալ Շուշիի մէջ»,- ըսած է Էրտողանը: