image

Թուրքիոյ Այս Կառավարութիւնը Փայլուն Ապագայ Մը Չունի. Պուսայնա Շահպան

Թուրքիոյ  Այս Կառավարութիւնը   Փայլուն Ապագայ Մը Չունի. Պուսայնա Շահպան

Սուրիա («Ալ Մայատին»)Սուրիոյ նախագահութեան մամլոյ  խորհրդրական  Պուսայնա Շահպանի կարծիքով  Թուրքիոյ  այս  կառավարութիւնը կրնայ մեծ տագնապներ բերել  երկրին  եւ անոր  ապագան փայլուն չէ: Շահպան, որ այս մասին խօսած է  «Ալ Մայատին» կայանէն  նաեւ ըսած է, որ  Թուրքիոյ եւ Սէուտական  Արաբիոյ    վերջին տարիներուն  Սուրիոյ մէջ ունեցած  ժխտական    դերակատարութիւնը սկսած է  զգալիօրէն նուազիլ: Շահպան  նաեւ ըսած է, թէ  Սուրիոյ այսօրուան իրավիճակը    կ'ընթանայ դէպի լաւը: Սուրիացի   պաշտօնեային  ըսելով  երկրին մէջ  կրակմար կը յայտարարուի  միայն, երբ    ահաբեկչական  խումբերուն   ցոյց  տրուած  արտաքին նեցուկը եւ օգնութիւնները դադրին:  Դրական  գնահատելով  Ռուսիոյ ունեցած  ընդհանուր դերը  շրջանին մէջ Շահպան դիտել տուած  է, թէ  Ռուսիա  ակներեւ կերպով         անմիջական  եւ կարեւոր կապեր սկսած է  մշակել       շրջանի բոլոր տէրութիւններուն հետ եւ այդ մէկը սկսած է իր  արդիւնքները տալ,  հիմնուելով ռուսական խելացի եւ արդիւնաւէտ   ռազմավարութեան վրայ :   Շահպան, որ  անցեալին 10    տարիներ կարեւոր  պաշտօններ  վարած  է Սուրիոյ նախկին նախագահ Հաֆէզ Ասատին հետ նաեւ յայտնած է, թէ  Սուրիոյ այս պատերազմէն ոչ ոք  հարիւր առ  հարիւր յաղթական դուրս պիտի գայ բայց  այնունամենայիւ կան  կարմիր գիծեր, որոնք  անհատելի են: Ըստ  Շահպանի    առաջիկային գործադրութեան դրուելիք եւ ՄԱԿ-ի հովանաւորութիւնը վայելող   համաձայնութեան ընդհանուր ծիրին մէջ պիտի ըլլայ նաեւ  Սուրիոյ վրայ ներկայիս   առկայ տնտեսական պատիժներու վերացումը: