image

Թուրքիա. Վհուկներու որսը կը շարունակուի

Թուրքիա. Վհուկներու որսը կը շարունակուի

Թուրքիոյ իշխանութիւնները հրամայած են ձերբակալել 122 զինուորական՝ իսլամական քարոզիչ Ֆէթհուլա Կիւլէնի հետ կապերու կասկածանքով, որուն Անգարան կը մեղադրէ 2016 թուականի ապրիլին յեղաշրջման փորձի կազմակերպման մէջ։

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Anadolu-ն, ոստիկանութիւնը շուրջկալներ կ'իրականացնէ Պոլսոյ, Իզմիրի եւ Քոնիայի մէջ։ Որոնուողներու մէջ են բարձրաստիճան զինուորական սպաներ։

Չյաջողած յեղաշրջումէն երեք տարի ետք աւելի քան 77 հազար մարդ կը գտնուի ճաղերու ետին՝ դատի սպասելով, մօտ 150 հազար պետական ծառայող, զինուորական եւ այլ մարդիկ ազատուած են կամ հեռացուած աշխատանքէն։
Իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները եւ Թուրքիոյ արեւմտեան դաշնակիցները քննադատած են ճնշումներու մաշտապները՝ յայտարարելով, որ նախագահ Էրտողանը անյաջող յեղաշրջումը օգտագործած է որպէս պատրուակ այլախոհութիւնը ճնշելու համար։

Կառավարութիւնը յայտարարած է, որ անվտանգութեան միջոցները անհրաժեշտ են սպառնալիքի լրջութեան պատճառով, որուն հետ, իբր կը բախի Թուրքիան։