image

Թուրքիա եւ Իրան մտադիր են համատեղ գործողութիւն սկսիլ քիւրտուն դէմ

Թուրքիա եւ Իրան  մտադիր են համատեղ գործողութիւն սկսիլ քիւրտուն դէմ

Թուրքիա եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը կը պատրաստուին համատեղ ռազմական գործողութիւններ իրականացնել Իրաքի Քանտիլ եւ Սինճար նահանգներուն մէջ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան (PKK) ուժերուն դէմ:

Թրքական «Ahaber» լրատուամիջոցը մանրամասներ ներկայացուցած է նախատեսուող գործողութեան մասին:  Թէեւ տակաւին  նշեալ գործողութեան մասին որեւէ պաշտօնական յայտարարութիւն չկայ, բայց նշուած է, որ ռազմական գործողութիւններու առաջնային թիրախները պիտի ըլլան «PKK»ի ղեկավար օղակները:

Աղբիւրը կը պնդէ, որ ռազմական գործողութիւն իրականացնելու պայմանաւորուածութիւնը պաշտօնական Անգարայի եւ Թեհրանի միջեւ ձեռքբերուած է այն ժամանակ, երբ եռօրեայ այցով Թուրքիա մեկնած էր Իրանի զինուժի գլխաւոր շտապի պետը:

Ռազմական գործողութիւնը նախատեսուած է Հոկտեմբերէն սկսիլ: Ռազմական գործողութիւններու ընթացքին Քանտիլի մէջ նախատեսուած է ոչնչացնել ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող 9 թիրախային կէտ, իսկ  Սինճարի մէջ՝ 4:

Քանտիլի եւ Սինճարի  գործողութիւնը բաղկացած պիտի ըլլայ 3 հանգրուանէ: Առաջին հանգրուանը պիտի տեւէ 8-10 օր, որուն ընթացքին պիտի իրականացուին թէ՛ օդային, թէ՛ ցամաքային  գործողութիւններ: Համատեղ ռազմական գործողութիւններն ընդհանուր առմամբ պիտի տեւեն նուազագոյնը 3 ամիս:

Նշուած է նաեւ, որ կողմերը համապատասխան միջոցներ պիտի ձեռնարկեն, որ քիւրտ զինեալները նահանջելու տեղ չունենան: