image

Աթէնքի Խորհրդարանէն Հնչած Կիպրոսի Ձայնը․ Յունաաստան -Կիպրոս Միասնականութեան Նոր Շեշտադրում

Աթէնքի Խորհրդարանէն Հնչած Կիպրոսի Ձայնը․ Յունաաստան -Կիպրոս Միասնականութեան Նոր Շեշտադրում

Օրերս Աթէնքի խորհրդարանէն ներս հնչեցին խօսքեր, որոնք կը վերաբերէին ոչ միայն քաղաքականութեան, այլ նաեւ պատմական յիշողութեան, ինքնութեան եւ արդարութեան։

Կիպրոսի հարցը դարձեալ միջազգային ուշադրութեան կեդրոնն էր՝ Յունաստան–Կիպրոս միասնականութեան շեշտադրումով։

Յատկանշական էր նաեւ, որ այս կարեւոր եւ պատմական ժողովին ներկայ էր Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Եպս. Առաքելեանը, որուն ներկայութիւնը անգամ մը եւս ընդգծեց հայ ժողովուրդին սերտ կապերն ու պատմական բարեկամութիւնը Յունաստանի եւ Կիպրոսի հետ։

Ստորեւ՝ Սրբազան Հօր կողմէ կատարուած գրառումը այդ մասին։

Օրերս, Յունաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ՝ Նիկիտաս Քաքլամանիսի հրաւէրով, ներկայ գտնուեցայ խորհրդարանի լիագումար նիստին, ուր պաշտօնական խօսքով հանդէս եկաւ Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ՝ Նիկոս Խրիստոտուլիտիսը։

Ելոյթի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ՝

• Կիպրոսի վերամիաւորման անհրաժեշտութեան,

• Թուրքիոյ կողմէ Կիպրոսի հիւսիսային հատուածի բռնագրաւման,

• Յունաստան–Կիպրոս «անխզելի յարաբերութիւններուն»,

• եւ ՄԱԿ-ի հաւանական նոր նախաձեռնութեան՝ Կիպրոսի հարցի կարգաւորման ուղղութեամբ։

 

Օրուան այս կարեւոր քաղաքական եւ պատմական նիստը անգամ մը եւս ընդգծեց յունա-կիպրական միասնականութեան եւ գործակցութեան նշանակութիւնը։