Թուրքիա եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը կը պատրաստուին համատեղ ռազմական գործողութիւններ իրականացնել Իրաքի Քանտիլ եւ Սինճար նահանգներուն մէջ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան (PKK) ուժերուն դէմ:
Թրքական «Ahaber» լրատուամիջոցը մանրամասներ ներկայացուցած է նախատեսուող գործողութեան մասին: Թէեւ տակաւին նշեալ գործողութեան մասին որեւէ պաշտօնական յայտարարութիւն չկայ, բայց նշուած է, որ ռազմական գործողութիւններու առաջնային թիրախները պիտի ըլլան «PKK»ի ղեկավար օղակները:
Աղբիւրը կը պնդէ, որ ռազմական գործողութիւն իրականացնելու պայմանաւորուածութիւնը պաշտօնական Անգարայի եւ Թեհրանի միջեւ ձեռքբերուած է այն ժամանակ, երբ եռօրեայ այցով Թուրքիա մեկնած էր Իրանի զինուժի գլխաւոր շտապի պետը:
Ռազմական գործողութիւնը նախատեսուած է Հոկտեմբերէն սկսիլ: Ռազմական գործողութիւններու ընթացքին Քանտիլի մէջ նախատեսուած է ոչնչացնել ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող 9 թիրախային կէտ, իսկ Սինճարի մէջ՝ 4:
Քանտիլի եւ Սինճարի գործողութիւնը բաղկացած պիտի ըլլայ 3 հանգրուանէ: Առաջին հանգրուանը պիտի տեւէ 8-10 օր, որուն ընթացքին պիտի իրականացուին թէ՛ օդային, թէ՛ ցամաքային գործողութիւններ: Համատեղ ռազմական գործողութիւններն ընդհանուր առմամբ պիտի տեւեն նուազագոյնը 3 ամիս:
Նշուած է նաեւ, որ կողմերը համապատասխան միջոցներ պիտի ձեռնարկեն, որ քիւրտ զինեալները նահանջելու տեղ չունենան: