image

ԱՄՆ դրական եւ արդիւնաւէտ որակած է Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ կայացած բանակցութիւնները

ԱՄՆ դրական եւ արդիւնաւէտ որակած է Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ կայացած բանակցութիւնները

Միացեալ Նահանգները մայիս 14-ին Ուաշինկթընի մէջ կայացած Իսրայէլ-Լիբանան բանակցութիւնները արդիւնաւէտ եւ դրական որակած է։ Այս մասին կը հաղորդէ Reuters-ը։

Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնեան, որուն անունը չէ նշուած, յայտնած է, որ մայիս 15-ին կողմերը պիտի շարունակեն քննարկումները՝ ուղղուած հակամարտութեան վերջ տալուն։

Անոր խօսքով՝ լիբանանցի եւ իսրայէլցի դեսպաններու հանդիպումը առաջին օրը տեւած է ութ ժամ։

Լիբանանցի բարձրաստիճան պաշտօնեան, որուն անունը եւս չէ նշուած, աւելի վաղ յայտարարած էր, որ Լիբանանը բանակցութիւններու ժամանակ պիտի պահանջէ, որ Իսրայէլ դադրեցնէ կրակը։

Իսկ Իսրայէլի կառավարութեան խօսնակը յայտարարած է, որ բանակցութիւններու նպատակը «Հըզպալլա»-ն զինաթափելն ու խաղաղութիւն հաստատելն է։

Նշենք, որ սա կողմերուն միջեւ բանակցութիւններու երրորդ փուլն է։