image

Ռուսիան ու Հայաստանը կը պահպանեն դաշնակցային յարաբերութիւններ, սակայն ատոնք կը մնան բարդ․ Լաւրով

Ռուսիան ու Հայաստանը կը պահպանեն դաշնակցային յարաբերութիւններ, սակայն ատոնք կը մնան բարդ․ Լաւրով

Ռուսիան եւ Հայաստանը կը պահպանեն մօտ դաշնակցային յարաբերութիւններ, սակայն անոնք կը մնան բարդ՝ Արեւմուտքի կողմէ Հայաստանի վրայ ազդեցութիւնը զօրացնելու եւ երկիրը սեփական շահերուն ենթարկելու փորձերու լոյսին տակ։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով։

Ռուսական գերատեսչութեան ղեկավարի համաձայն՝ թէեւ Մոսկուան կը յարգէ իր գործընկերներու որեւէ ընտրութիւն, սակայն Երեւանը պէտք է յստակ գիտակցի, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) շրջածիրէն ներս ստանձնած պարտաւորութիւնները կարելի չէ պահպանել, եթէ Հայաստանն ընտրէ Եւրոպական միութեան միանալու ուղին։

«Մենք պիտի յարգենք մեր հայ ընկերներու որեւէ ընտրութիւն, սակայն պէտք է հասկնանք, որ ԵԱՏՄ-ի շրջածիրէն ներս պարտաւորութիւնները չեն կրնար պահպանուիլ, եթէ Հայաստանը, ինչպէս յայտարարուած է, ընտրէ ԵՄ-ին միանալու ուղին», - նշած է նախարարը։

Լաւրով շեշտած է, որ առեւտրային տարբեր դրութիւններու եւ այլ փոխբացառող պայմանաւորուածութիւններու պատճառով երկու կառոյցներուն միաժամանակ մասնակցութիւնը տնտեսական տեսանկիւնէ պարզապէս անհնար է։

Այս դիրքորոշումը կը վերահաստատէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի աւելի վաղ հնչեցուցած նախազգուշացումներն առ այն, որ Հայաստանը պէտք է վերջնականապէս կողմնորոշուի իր արտաքին քաղաքական ուղղութեան հարցով։ Մայիս 9-ին Ռուսիոյ նախագահը, պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն, նշած էր, որ Հայաստանը պէտք է որոշում կայացնէ՝ մնա՞լ ԵԱՏՄ-ի մէջ, թէ՞ քաղաքակիրթ կերպով ապահարզան պահանջել եւ երթալ ԵՄ։

Արձագանգելով Փութինի յայտարարութեան՝ վարչապետ Փաշինեան մայիս 11-ին յայտարարած է, որ ԵԱՏՄ-էն դուրս գալու առարկայական անհրաժեշտութիւնը գոյութիւն չունի։ Փաշինեանի խօսքով՝ իրենք յարգանքով կը վերաբերին ԵԱՏՄ-ի գործընկերներուն եւ Հայաստանի՝ ԵԱՏՄ-ին մասնակցութեան։ Ան շեշտած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները որդեգրած են հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութիւն, որուն հիմնական սկզբունքներէն մէկը յարգանքի եւ փոխադարձ շահերու ճանաչման վրայ հիմնուած յարաբերութիւններն են։