81 տարեկանին մահացած է Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ Նիկոլայ Ծատուրեան։
Նիկոլայ Ծատուրեան ծնած է 1945 թուականի յունուար 8-ին՝ Երեւանի մէջ։ Սորված եւ աւարտած է Երեւանի գեղարուեստաթատերական հիմնարկի բեմադրիչի բաժինը (ղեկավար՝ Վարդան Աճեմեան)։ Վարպետութեան դասեր ստացած է Մոսկուայի մէջ՝ ուսանելով Անտրէյ Թարքովսքիի, Սիմիոն Թումանովի եւ Կէորկի Տանելիայի մօտ։
Նիկոլայ Ծատուրեան աշխատած է Երեւանի «Հայֆիլմ» շարժանկարի արուեստանոցի մէջ՝ Հենրիկ Մալեանի, Ֆրունզէ Տովլաթեանի եւ Վարդան Աճեմեանի հետ։ Ան եղած է նաեւ «Մենք ենք, մեր սարերը», «Սարոյեան եղբայրներ» եւ «Ժայռ» ֆիլմերուն երկրորդ բեմադրիչը։ Իբրեւ փորձնակ՝ «Մոսֆիլմ» շարժանկարի արուեստանոցին մէջ աշխատած է նաեւ Եուլի Ռայզմանի ֆիլմերէն մէկուն վրայ։
Երեւանի Գ. Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ Նիկոլայ Ծատուրեան աշխատած է որպէս բեմադրիչ՝ բեմադրելով շուրջ 25 ներկայացում։ Լաւագոյն բեմադրութիւններէն են Վ. Տաւթեանի «Ծիրանի ծառը», Վ. Սարոյեանի «Ձեր կեանքի ժամերը», Ա. Օսթրովսքիի «Կատաղի փողերը», Պոմարշէի «Ֆիկարոյի ամուսնութիւնը», Մ. Շաթրովի «Կապոյտ նժոյգները կարմիր մարգագետինին վրայ», Ա. Աղասարեանի «Փրկեցէք մեր հոգիները» եւ այլ ներկայացումներ։
Ան դասաւանդած է նաեւ Գ. Սունդուկեանի անուան թատրոնին կից դերասանական արուեստանոցին մէջ։ 1992-2004 թուականներուն աշխատած է Երեւանի «Մեթրօ» թատրոնին մէջ՝ որպէս բեմադրիչ։ Այդ տարիներու լաւագոյն բեմադրութիւններէն են Ա. Աղասարեանի «Ուիլի, Թիթի, Ճիկ եւ երեքն ալ մէկ աղջիկ», Ժան-Փոլ Սարթրի «Դռնփակ», Մ. Փանիոլի «Թոփազ», Հ. Մարգարեանի «Եւ երկինքէն երեք աթոռ ինկաւ» ներկայացումները։
Նիկոլայ Ծատուրեան բեմադրութիւններ իրականացուցած է նաեւ Մոսկուայի, Քիեւի, Վրաստանի, Պէյրութի եւ Նիւ Եորքի մէջ։ Շուրջ 20 տարի համագործակցած է Հալէպի «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբին հետ՝ բեմադրելով 22 ներկայացում։
Ան նկարահանուած է «Պատահար» եւ «Ընկեր Փանջունի» ֆիլմերուն մէջ (բեմադրիչ՝ Ա. Մանարեան)։ Նիկոլայ Ծատուրեան երկար տարիներ եղած է Գիւմրիի Վ. Աճեմեանի անուան պետական թատերգական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավարը, իսկ 2014-էն մինչեւ այսօր՝ նոյն թատրոնի գեղարուեստական խորհրդատուն։
Անոր լաւագոյն բեմադրութիւններէն են Քալինոսքուի «Հրեշը լուսինին վրայ», Ֆ. Տիւրէնմաթի «Հերակլէսի չիրագործուած սխրանքը», Ա. Քալանթարեանի «Պումերանկը», Կ. Խոտիկեանի «Ինչպէս կինը փախաւ տունէն», Հ. Մարգարեանի «Եւ երկինքէն երեք աթոռ ինկաւ», Գ. Սունդուկեանի «Փուղի զօրութիւնը», Վ. Քրասնակորովի «Սիրոյ Casting», Ս. Կոսեանի «Թռիչքը», Ու. Կիպսընի «Հրաշագործը», Ա. Աղասարեանի «Երեք անունով մէկ աղջիկը» ներկայացումները։